Բաց նամակ մեր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն
Ֆրանսահայ կապոյտ խաչը որոշ ժամանակէ ի վեր թիրախ դարձած է վարկաբեկման արշաւի մը Ընկերային ցանցերու եւ ի մասնաւորի Ռոն- Ալփ շրջանին մէջ :
Այս անարդար մոլեգնութեան պատճառը? : Միութիւնը հոկտեմբեր ամսուն իր հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով կը կազմակերպէ երգահանդէս երգչուհի Սիրուշոյի մասնակցութեամբ :
Մեր դիմատետրի էջին վրայ հայհոյանքներ եւ խիստ թունաւոր արտայայտութիւններ հրատարակելէ չբաւարարուելով ( զորս ջնջած ենք, քանի նման փոխանակումներ չենք ընդունիր ) , մեր հայրենակիցներէն ոմանք նոյնը կը կատարեն մեր որոշ անդամներու անձնական էջերու վրայ, եւ կամ կը պատռեն որմազդեր :
Բայց այսքանով չի վերջանար այդ մոլեգին արշաւը…. ուրիշներ ձեռնարկին յայտարարութիւնը կը փոխանակեն դիմատետրի էջերու կամ խումբերու մէջ, ուր այս անգամ կը յորդին ոչ գրաքննուած եւ առաւել թունաւոր մեկնաբանութիւններ`
Երգչուհիին եւ կամ կապոյտ խաչին ուղղուած ատելութեան արտայայտութիւններով:
Այս վայրագութեան միակ պատճառը? : երգչուհի Սիրուշոն Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հարսն է : Բոլոր անոնց, որոնք այս իրողութիւնը իբրեւ պատրուակ կը ծառայեցնեն իրենց չարախօսութիւններուն, կը փափաքինք հաստատակամ ըսել
Մենք կը հրաւիրենք Արուեստագէտը եւ ոչ թէ հարսը…
Անոնք որոնք մոռցած են յիշեցնենք նաեւ, որ երբ Սիրուշօ դարձաւ նախկին նախագահին հարսը, ան այլեւս նախագահ չէր, իսկ Սիրուշոն երբեք մաս չէ կազմած որեւէ կառավարութեան, չէ զբաղած քաղաքականութեամբ, չէ դատապարտուած…
Ան արուեստագէտ մըն է, եւ արուեստագէտի մը արգիլել որպէսզի երգէ, համազօր է ամենէն բարձր աստիճանի անհանդուրժողականութեան , եւ որ ամբողջովին կը հակասէ հայկական ազատ եւ ժողովրդական ընկերութեան մը ստեղծումին` որուն կը ձգտի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը:
Մենք կը փափաքինք միաժամանակ տեղեկացնել անոնց`որոնք ըստ երեւոյթին անտեղեակ են, որ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչը քաղաքականութեամբ չի զբաղիր : Ոչ Ֆրանսայի մէջ, եւ ոչ ալ Հայաստանի : Ան քաղաքական որեւէ կուսակցութեան կողմէ ֆինանսաւորուած չէ : կապոյտ խաչը հանրօգուտ միութիւն մըն է որուն հաշիւները կը ստուգուին Ֆրանսայի պետութեան կողմէ :
Ֆրանսահայ կապոյտ խաչը 90 տարիէ ի վեր կ’օգնէ անբարենպաստ պայմաններու մէջ գտնուող անձանց, տարիքաւորներուն, հիւանդներուն, ուսանողներուն, երեխաներուն…
Հայաստանի երկրաշարժին յաջորդ օրն իսկ անոր անդամները, կիներ, ներկայ էին ՏԵՂՒՈՅՆ ՎՐԱՅ, իրենց ձեռքերով բաժնելու համար հագուստ եւ դեղօրայք:
Երբ սկսաւ Արցախի պատերազմը , միեւնոյն կերպ, անոմք զինուորներու կողքին էին ՏԵՂՒՈՅՆ ՎՐԱՅ :
Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք, կապոյտ խաչի տեղւոյն գործընկերները, (ՀՕՄ) Երևանի մէջ հիմնեցին գրասենեակ մը, որուն կազմակերպութեամբ համայն աշխարհի բոլոր օգնութեան խաչերը մեկնարկեցին հայ որբերու եւ ուսանողներու հովանաւորութեան գործողութիւններ: Անոնց շնորհիւ Արցախի մէջ կառուցուեցան կամ վերակառուցուեցան մանկապարտէզներ , ինչպէս օրինակ Ախուրեանի 《Մօր եւ մանկան 》կեդրոնը…եւ դեռ բազմաթիւ ու նման այլ գործողութիւններ, միաժամանակ աշխատելով Ֆրանսայի մէջ հայերենի
դասաւանդութեան, Ընկերային օգնութեան, եւ կամ ապաստանեալներուն օգնութեան ուղղութեամբ…
Մենք հզօր ենք մեր 90 տարիներու աշխատանքի փորձառութեամբ, եւ իբրեւ այդպիսին որեւէ մէկը չի կրնար մեզի հայկականութեան կամ Հայաստանի պետութեան թիկունք կանգնելու դասեր տալ, եւ յատկապէս այնպիսի անձնաւորութիւններ` որոնք ընկերային ցանցերու վրայ ամօթաբար կը պահուըտին ծածկանուններու ներքոյ, վարելու համար վարկաբեկման իրենց անարգի արշաւը :
Փոխարէնը, մենք կը քաջալերենք զանոնք գալու եւ պաշտպանելու Ֆրանսահայ կապոյտ խաչին գործը, այստեղ` Ֆրանսայի, եւ կամ Հայաստանի մէջ, ուր ան միշտ հաւատարիմ մնացած է 《ժողովուրդին հետ ժողովուրդին համար 》իր առաքելութեան :
Այսօր մենք կոչ կ’ուղղենք այդ անձերուն դադրեցնելու Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի 90 – ամեակին նուիրուած այս Երգահանդէսին ուղղութեամբ իրենց վարկաբեկման եւ պոյքոթի արշաւը, եւ վերադառնալ ողջմտութեան ու յարգանքի :
Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, երբ Հայաստանը եւ Սփիւրքը խանդավառութեամբ համախմբուեցան համաժողովրդային այդ շարժումին շուրջ, մենք միամտաբար մտածեցինք , որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ պիտի գային նաեւ արդարութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, եւ միտքի ազատութիւնը. Բոլորին կողմէ ընդունուած արժէքներ` կարուցելու համար հզօր եւ փայլուն Հայաստան մը…
Բայց ըստ երեւոյթին բոլորը չունին նոյն տեսակէտը…
Paris, le 1er octobre 2018
La Croix Bleue des Arméniens de France agit dans les domaines de l’humanitaire, du social et de la culture. Ainsi, la CBAF oeuvre aussi pour la transmission et la pérennisation de la langue et de l’identité arméniennes, en portant surtout une attention particulière aux jeunes générations, notamment dans ses écoles et sa colonie.
Lien fondamental entre les citoyens français d’origine arménienne, elle contribue aussi à favoriser l’intégration des nouveaux immigrés arméniens.
© Copyright 2017 Croix Bleue des Arméniens de France - Site réalisé par Web-ISI